2013-10-19 12:01:08

Խօսէ՛ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին (Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)
(շարունակութիւն)


Հայ դիցաբանութիւնը իրանականին պէս ունի կրակի չաստուածներ, բայց չունի պաշտամունք: Մեր դիցաբանութիւնը արձանները կը պաշտէ իբր կուռք, բայց ո՛չ կրակը: Այս պատճառով հայ արքաները, մանաւանդ Արշակունեաց շրջանին, պատերազմի ատեն կը կալանաւորէին թշնիմի չաստուածներուն կուռք արձաններն ալ եւ զանոնք կը կանգնէին Հայոց միւս կուռքերուն կողքին: Այս փոխառումներով է որ հայ չաստուածները հետզհետէ յունականացան. Արամազդը` Զեւս դարձաւ, Միհրը` Հեփեստոս, Անահիտը` Արտեմիս, Տիրը` Ապողոն, Վահագնը` Հերակլէս, Նանէն` Աթենաս:
Դիցաբանութեան պատմութեան մէջ պատահած է որ ժողովուրդի մը որդեգրած նորեկ չաստուածները չեն յաջողած ջնջել նախորդ չաստուածնորուն պաշտամունքը, այլ ստեղծած են նորի եւ հինի խառնուրդ մը: Նոյնը պատահած է նաեւ հայ դիցաբանութեան մէջ:
Հայոց մեհեանները
Մեհեանը` հեթանոս տաճարն է: Հեթանոսական պաշտամունքը հիմնուած ըլլալով անասուններու զոհերուն վրայ, ամէն մեհեան զոհարան մը ունէր, որ բագին կը կոչուի: Մեհեանը ունէր իր §գանձարան¦ը, ուր կը պահուէին չաստուածներուն նուիրուած թանկագին նուէրները: Որքան չաստուած մը սիրուած ըլլար, այնքան անոր §գանձա-րան¦ը ճոխ կ’ըլլար:
Ս. Գրիգոր Լուաւորչի օրերուն` մեզի ծանօթ 7 մեհեաններ կային ամբողջ Հայաստանի մէջ` նուիրուած ութը չաստուածներու պաշտամունքին, որոնցմէ հինգը` Բարձր Հայքի մէջ: Այս 7 մեհեանները ձեռակերտն են Արշակունի թագաւորներուն:

Մեհենանիստ քաղաքները – Մեհենանիստ կը կոչուին այն քաղաքները, որոնք մեհեան կամ պաշտամունքի կեդրոն մը ունէին: Մեհենանիստ քաղաքը ընդհանրապէս թագաւորանիստ ալ եղած է, քանի որ արքան իր երկրին կրօնապետն էր:
Հայոց մեհենանիստ քաղաքներն էին`
Բագարան – Հայաստանի մեհենանիստ 7 գլխաւոր քաղաքներուն առաջինը, Երուանդ արքայի (Ք. Ա. 5-րդ դար)շրջանին, Բագարանն է (Արշարունիք):
Արմաւիր – Հոս Վաղարշակ Արշակունի արքան (Ք. Ա. 6-րդ դարին) արեւին եւ լուսնին պաշտամունքին նուիրուած տաճար կանգնած էր, ուր աւելի ուշ շրջանին` Ապողոնի եւ Արտեմիսի կուռքերը կանգնուեցան:







All the contents on this site are copyrighted ©.